Կենսոլորտն ու բնութիւնը մարդու կեանքի անհրաժեշտութիւններն են, ուստի անոնց գոյացուցիչը` Աստուած, փառաբանանքի արժանի է միշտ, եւ մարդ հրաւիրուած է անոնց հոգատարութեան: 1 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր ամէն տարի կը նշուի «Արարչութեան եղանակ»-ը, որուն համար բուսաբաններ, կենսոլորտի պաշտպաններ եւ ճարտարագէտներ կը ջանան ամբողջ աշխարհի տարածքին ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլալ կենսոլորտի ընկեր: Այս առիթով, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը ամէն տարի կը հրաւիրուի այս ծրագիրին, որպէսզի կատարէ արարչութեան հետ կապուած երգեր ու շարականներ: