Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր, 2017-ի յետմիջօրէին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կատարուեցաւ արդէն իսկ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած գրասէրներու հաւաքներէն առաջինը՝ վերանորոգուած «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ։ Գրական դէմքը Համաստեղն էր եւ ներկայացնողը՝ գրասէրներու խմբակի երիտասարդ անդամներէն՝ Արտա Տէր Յակոբեանը։
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Գլաձոր մասնաճիւղի վարչական եւ գրական յանձնախումբի անդամ՝ Վարագ Պապեան, որ գնահատելով գրասէր հասարակութեան ներկայութիւնը, յայտնեց որ նման ձեռնարկներով, Համազգայինը կը շարունակէ վառ պահել մեր մշակոյթի կանթեղը, ապա սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Հալէպ ծնած, Քարէն ԵՓՓԷ ճեմարանէն շրջանաւարտ եւ Հալէպի Պետական համալսարանէն biotechnology ճիւղին հետեւած եւ աւարտած՝ Արտա Տէր Յակոբեանը, որ ներկայիս Թորոնթօ հաստատուած է եւ մաս կը կազմէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին։
Արտան սպառիչ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ մեզ փոխադրեց Խարբերդի Փէրչէնճ գիւղը, ուր 1895-ին ծնած էր գիւղագրական սեռին ամենէն տաղանդաւորներէն՝ Համաստեղ, աւազանի անունով Համբարձում Կէլէնեան։ Արտան յստակ առոգանութեամբ եւ անսեթեւեթ հայերէնով ներկայացուց Համաստեղի կեանքն ու գործերը, առաւելաբար ծանրանալով Համաստեղի եւ այլ մտաւորականներու, ինչպէս՝ Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արամ Հայկազի, Յ. Խաշմանեանի, Ա. Իսահակեանի եւ ուրիշներու հետ եղած նամակագրութիւններուն, որոնք հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցան ներկաներուն կողմէ։
ՀՕՄ–ի Գոլոլեան նախակրթարանի ութերորդ կարգի աշակերտներէն՝ Էլիզ Գանտահարեան (Հայու ոգին) եւ Վարագ Մեսրոպեան (Կապոյտ ուլունք) ի ընթերցումներով ներկաներուն գնահատանքին արժանացան։ Վարագ Պապեան ընթերցեց Նիկոլ Աղբալեանի նամակը, գրուած1932-ին եւ ուղղուած Համաստեղին, իր հօր մահուան առթիւ։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Վարագ Պապեան վարչութեան կողմէ, Աբէլ վրդ. Օղլուգեանի՝ «Գրական նշխարք Կոմիտաս Վարդապետի բեղուն գրչէն» եւ Համաստեղի՝ «Գիւղը», «Անձրեւ» գիրքերը որպէս յուշանուէր յանձնեց Համաստեղը ներկայացնող Արտային եւ ընթերցողներուն, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ բլիթներով։
Դեկտեմբեր ամսուաn կիրակիի այս յետմիջօրէին, Խարբերդէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Թորոնթոյի այս հայաբոյր «ովասիսին» մէջ, Արտան յաջողեցաւ Փէրչէնճ գիւղի ջերմութեամբ վարակել մեզ եւ խնկարկել ՝ Համաստեղի անմար յիշատակին։
Յասմիկ Պապեան