Ուրբաթ, 23 Մարտ 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղը (հեղինակ` Մարսել Փանիոլ), բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:
Մարսել Փանիոլի այս թատերախաղը թէեւ գրուած է աւելի քան կէս դար առաջ, սակայն անոր արծարծած նիւթը կը մնայ այժմէական: Ճիշդ է, ժամանակը փոխուած է, սակայն մեր կեանքին մէջ շատ են փառքի վաշխառուները, որոնք ամէն ինչ զոհելու պատրաստ են, նոյնիսկ արժանապատուութիւնը, ի գին անձնական շահերու եւ բարձր դիրքերու: Անոնք այդ բոլորը կ՛ընեն յանուն հայրենիքի, յանուն ազատութեան կամ այդ ժամանակի յարմար կարգախօսի մը:
«Գ. Իփէկեան» թատերախումբի դերասանները լաւապէս կրցած էին մարմնաւորել այդ կերպարները` հարազատ պատկերը տալով թատերգութեան եւ անոր հեղինակին պատգամին:
«Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այս թատերախաղով կու գայ նոր էջ մը աւելցնելու թատերախումբի 70-ամեայ գործունէութեան վրայ: Այս մէկը կու գայ նաեւ ապացուցելու, որ Համազգայինը կը մնայ նախանձախնդիր իր առաքելութեան` տարածելու եւ պահպանելու հայ մշակոյթը:
Այս թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են երիտասարդ թէ փորձառու դերասաններ Գէորգ Նալպանտեան` Պաշիլի դերով, Թինա Թաշճեան` Պաշիլի կինը, Նարեկ Առաքելեան` մաքս Պաշիլի, Յաւերժ Շխըրտմեան Աննայի, Բալիկ Լատոյեան` Ռիթայի, Յովհաննէս Հելվաճեան` Կրանտի, Հրակ Տեմիրճեան` Պերլոյի, Վարդան Ազնաւորեան` Ռիշապի, Ժան Պեքերեճեան` կոմսի, իսկ Պօղոս Մալեան` պաշտօնեային: