Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի բերնէ-բերան լեցուած սրահէն ներս, Կիրակի՝ 22 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8։30ին, ներկայացուց Յակոբ Թորոսեանի «Մարդասպանութիւն մը» մէկ արարնոց կատակերգութիւնը, թատերախումբի բեմադրիչ Ալեքսի Սարիեանի ղեկավարութեամբ։
Յատկանշական է, եւ ներկայացումէն առաջ երեւցող ծանուցումին մէջ կը նշուէր արդէն, որ այս թատերախաղը կը հրամցուի արդի հասկացողութեան փորձով՝ wine bar theatreի ոճով, ուր հանդիսատեսները գաւաթ մը գինիի եւ թեթեւ աղանդերներու ընկերակցութեամբ հետեւեցան թատերական խաղին՝ հաճելի ու զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Նորարական այս ոճը անշուշտ արգելք չեղաւ բնաւ, որ թատերախաղը զիջի արուեստաբանական մակարդակէն, լրիւ ամբողջականութեամբ հանդիսադրելով դերակատարներուն մարդկային ու ճկուն կերպարները։ Թատրոնը, որեւէ թատրոն, յունահայ հանդիսատեսին մօտ հոգեկան միասնութիւն կը ստեղծէ։