ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ին, Չեցուըրթ աւանի Հայ Կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ հիւրընկալեց չորս երիտասարդ գեղանկարիչներու գործերուն ցուցահանդէսը, գործնապէս վկայելով, որ մշակութային այս միութեան հիմնադիրներուն կտակը՝ հովանաւորել ու քաջալեր կանգնիլ արուեստագէտներու եւ մշակոյթի ծառայողներու, կը մնայ ապրող։
Ժամը 3-էն 8 տեւած ցուցահանդէսին կը մասնակցէին՝ Լեւոն Պասթաճեան, Ռոզաննա Հատտատ, Լուսին Գարալեան եւ Ռուպի Վարդան՝ տարբեր վրձիններով, գոյներով եւ հմտութեամբ օժտուած երիտասարդներ։
Արուեստասէրը, բնականաբար, առաջին ակնարկով նկատեց մեղմ կամ վառ գոյներով ու տարբեր ոճի գիծերով պատրաստուած գեղանկարներ՝ բնութեան պատկերներ, վերարտադրութիւններ ու ներաշխարհի ու երեւակայութեան արտայայտութիւններ։