Երեքշաբթի 15, չորեքշաբթի 16 եւ երկուշաբթի 21 յուլիս 2008-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի ԺԹ. Շրջանային ժողովը՝ ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու:
Երեք օրուան ընթացքին ժողովին մասնակիցները քննեցին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, միաւորներու եւ մասնաճիւղերու գործելաոճն ու դժուարութիւնները:
Ժողովը նկատեց, որ Համազգայինի 80-ամեակը, հակառակ երկրին մէջ տիրած երկամեայ ապահովական ցնցումներուն եւ տնտեսական տագնապին, կարելի եղած է Լիբանանի մէջ արժանավայել կերպով նշել:
Ժողովը քննելէ եւ արժեւորելէ ետք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու նոր աշխատելաձեւը, նկատեց, որ Շրջանային վարչութեան որդեգրած ոճը՝ խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան դրութեանց յառաջացումը իրողապէս դպրոցներու գործունէութեան տուած է նոր թափ, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է արձանագրել յաւելեալ կազմակերպուածութիւն եւ թիւի աճ:
Երկամեայ ձեռքբերումները նկատի առնելով՝ ժողովը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան տուաւ իր արդար գնահատականը:
Իսկ նոր երկամեակին համար մասնակիցները սերտեցին կարելիութիւնները յառաջիկային երիտասարդութեան մօտ ստեղծելու համար համազգայնական առողջ մթնոլորտ:
Ժողովը նաեւ քննեց Հայաստան-Լիբանան կապերու ամրապնդման կարելիութիւնները, համագաղութային աշխատանքներու աշխուժացումը, կազմակերպական կառոյցի աշխուժացումը, միաւորներու տագնապները, քարոզչական միջոցները, Համազգայինի զոյգ կեդրոնները վերանորոգելու ընտրանքները եւ այլ հարցեր:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն՝ հետեւեալ կազմով.
1.- Յակոբ Լատոյեան
2.- Սեպուհ Այնթապլեան
3.- Իրմա Տէտէեան
4.- Զաւէն Պոյաճեան
5.- Յակոբ Աբրահամեան
6.- Սիլվա Քիւրքճեան
7.- Յակոբ Հանտեան
8.- Արփի Համբարեան
9.- Տաճատ Սրապեան
10.- Սեզար Զարմէնեան
11.- Ցոլեր Մանիսաճեան