Համազգայինի Լիբանանի Քնար պարախումբը «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօնին ընթացքին Երեւանի Սունդուկեանի անուան թատերասրահին մէջ իր պարային ելոյթները ունեցաւ: Պարախումբը ներկայացուց Լիբանանի մէջ արուեստասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւած «Քեզի համար, Ազնաւուր»ը:
Ելոյթին ներկայ էր փառատօնի նախագահ Յասմիկ Պօղոսեան, մշակոյթի փոխ նախարար Դաւիթ Մուրատեան, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը: Աւելի քան հազար աթոռ հաշուող սրահը լեփ-լեցուն էր: «Քնար»ի ելոյթները դրական ազդեցութիւն ձգած են դիտողներուն վրայ:
Յառաջիկայ օրերուն Համազգայինի «Քնար» պարախումբը պիտի այցելէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: