Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2014-ին, «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ Արթ ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին, որ կը վայելէ վարչապետ Թամմամ Սալամի կնոջ` Լամա Սալամի հովանաւորութիւնը: Ցուցահանդէսը կը համախմբէր Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մօտաւորապէս 50 ցուցասրահներ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներու գործեր:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսպիսի միջազգային ցուցահանդէսի մասնակցութեամբ կը փորձէ հայկական գեղանկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը ծանօթացնել աւելի լայն օտար շրջանակներու: Հայրենի արուեստագէտներու գործերու ներգրաւումը այս ցուցահանդէսին մէջ կը միտի նաեւ Լիբանան – Հայաստան կապերը խորացնել ու զարգացնել:
Այս առիթով, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կը ներկայացնէ հայրենի արուեստագէտներ Քարլոս Սայատեանի եւ Կակոյի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ արուեստագէտներ Միսաք Թերզեանի եւ Միրէյ Կոկիկեանի գործերը:
Բացման հանդիսութեան Համազգայինի տաղաւար այցելեցին քաղաքական, պետական անձնաւորութիւններ, մշակոյթի գործիչներ, ինչպէս նաեւ տեղացի եւ հայ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը: Այցելուներու շարքին էին ցուցահանդէսի հովանաւոր, վարչապետ Թամմամ Սալամի կինը` Լամա Սալամ, օտար դիւանագիտական եւ լիբանանցի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ թերթերու խմբագիրներ:
Բոլորն ալ գնահատանքով արտայայտուեցան Համազգայինի տաղաւարին մէջ ընդգրկուած արուեստագէտներու գործերուն վերաբերեալ եւ յաջողութիւն մաղթեցին ցուցասրահի գործունէութեան:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 21 Սեպտեմբեր:
Համազգայինի տաղաւարին թիւն է A15: