Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը: «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ տաղանդաւոր արուեստագէտները եւ կ՛արժեւորէ անոնց արտայայտութեան արդիական ոճը: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին կը մասնակցին 20 երկիրներէ 300 արուեստագէտներ, 45 ցուցասրահներու հովանաւորութեան տակ, որոնց կողքին 4-րդ տարին ըլլալով կը մասնակցի նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` ներկայացնելով Միսաք Թերզեանի, Արթիւր Ք.-ի եւ Համմուտ Շանթութի գործերը:
Միսաք Թերզեան կը ցուցադրէ տարբեր հաւաքածոներու պատկանող երեք գործեր` «Օտալիսք», «Թրիօ Շամփեթր» եւ «Լէօ Թան տէ Միմոզա»: «Օտալիսք»-ը մաս կը կազմէ կիսավերացական փոխաբերական արտայայտութեան հաւաքածոյին, որով ծանօթ է Թերզեան: «Թրիօ Շամփեթր»-ը կը վերաբերի երաժշտութեան նիւթին, իսկ «Լէօ Թան տէ Միմոզա»-ն` մայրութեան: Ըստ Թերզեանի, ներշնչումը կարեւոր չէ, այլ նորարարութիւնը. ան պէտք է յաջողի ինքզինք զարմացնել իւրաքանչիւր գործի աւարտին` երաշխաւորելու համար գործին յաջողութիւնը: Թերզեան յայտնեց, որ ան տարիներու ընթացքին կրնայ վերադառնալ տրուած նիւթի մը եւ զայն կրկին աշխատիլ, սակայն տարբեր դիտանկիւնէ: Թերզեանի գործերուն արդիականութիւնը վրձիններու հարուածներուն եւ գոյներու արտայայտութեան մէջ է, յատկապէս «Թրիօ Շամփեթր»-ին պարագային, ուր չենք տեսներ երեք երաժիշտներ, բայց կրնանք նշմարել գոյներու ներդաշնակ երեք ամբողջութիւններ: