Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պարի միաւորի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Շաբաթ՝ 16 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան» եւ «Սարաճեան» բարերարներու անուան զոյգ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ խնճոյք-խրախճանք-ճաշկերոյթ՝ ճոխ սեղանով ու հարուստ գեղարուեստական յայտագրով, որ առիթ տուաւ մօտ 300 ներկաներուն, որոնց 80 առ հարիւր տոկոսը՝ հայ երիտասարդներ, զուարճանալու, երգելու, պարելու եւ մեր ժամանակներէն բխող պատգամներ փոխանցելու համագումարեալներուն, այլեւ մեր ժողովուրդին, որ մեծ ակնկալութիւններ ունի հայ երիտասարդ սերունդէն, մշակոյթի ճամբով մեր ազգային ու գաղափարական երազներն ու տեսլականները վճռական ոգիով շարունակելու եւ միշտ ու իրար ետեւէ հասնող սերունդներուն կազմակերպական որակով փոխանցելու հաստատակամութեամբ:
Սոյն ելոյթին համար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք հարկաւոր էր, որքան ալ կը թուի, թէ խնճոյք-ճաշկերոյթ մը ընթացիկ ու սովորական երեկոյ մը անցընելու տպաւորութիւնը կը թողու: Պարի միաւորի լրիւ վարչութիւնը, անոր ատենապետն ու օգնականները, պարախումբի տղաքն ու աղջիկները մեղուաջան հետեւողականութեամբ կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որուն միակ նպատակն է ընդհանուր ու առաւելագոյն հասոյթ ապահովել պարախումբի ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին կազմակերպուելիք տարեկան համերգին համար նոր տարազներ գնելու եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տարազներու իրենց պահեստը ճոխացնելու նպատակով: