«Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներուն ծիրին մէջ, որոնց բացումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2015-ին, Կիրակի, 20 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնին 20-րդ ելոյթը` «Ծնունդ անտուն փոքրիկներու համար» խորագիրով` Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին կատարողութեամբ, Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ եւ Լիանա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ դաշնակի վրայ:
Ելոյթին բացումը կատարեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ըստ Ապի Սամրայի, Ս. Ծնունդը դիմաւորելու լաւագոյն ձեւը փոքրիկներու ուրախալի եւ խաղաղաբեր երգերը վայելելն է: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ» երգչախումբի այս ելոյթի երգերու ցանկը ներշնչուած է Քլոտ Տեպիւսիի «Անտուն փոքրիկներու Ծնունդ» երգէն: Աւելի քան 19 տարիներ առաջ Լիբանանի մշակութային բեմերուն վրայ իր ներկայութիւնը հաստատելէ ետք, այս տարի եօթներորդ անգամն ըլլալով «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը կը մասնակցի «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներուն: Ապի Սամրա իր խօսքը եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ բոլոր անտուն փոքրիկները շուտով ապաստան գտնեն: