11-րդ տարին ըլլալով Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը, կիրակի, 4 մայիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»ին մէջ ունեցաւ իր հերթական տարեկան ելոյթը:
Այս տարուան համերգը նուիրուած էր Համազգայինի 80-ամեակին եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի 20-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին պաշտօնական հրաւիրեալներ, մարմիններու եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ համազգայնականներ: Յայտագիրի առաջին բաժինով «Կարկաչ»ի պատանեկան եւ ապա մանկական երգչախումբերը երգեցին 13 երգեր, որոնցմէ կարելի է յիշել Լեւոն Շանթի «Խաղաղ գիշեր է»ն, Եուրի Սահակեանի «Հովիկ»ը, Նանսեն Միքայէլեանի «Շուշաններ»ը: Այս բաժինով կարկաչականները նաեւ երգեցին անգլերէն եւ արաբերէն մէկական երգ:
Ելոյթի երկրորդ բաժինին մէջ կարկաչականները՝ ուղիղ կապի մէջ մտնելով Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի անդամներուն հետ, միասնաբար երգեցին «Երազ իմ երկիր» երգը: Այս առիթով «Վարանդա»ի անդամները «Կարկաչ»ին փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:
Յայտագիրի երկրորդ մասը նուիրուած էր Արցախեան ազատագրական պայքարին: Այս առիթով երգուեցաւ Գուրգէն Գաբրիէլեանի «Ղարաբաղի բալիկն ենք»ը, Գէորգ Կարապետեանի «Խաղաղ երկինք»ը, Յովհաննէս Շիրազի «Ղարաբաղ իմ»ն ու այլ երգեր, որոնց շարքին կը գտնուէր յեղափոխական երգաշարը:
Զաքար Քեշիշեանի ղեկավարութիւնն ու խմբավարութիւնը վայելող «Կարկաչ» երգչախումբը այս իւրայատուկ ելոյթով էապէս իր ձեւով նշեց Համազգայինի 80-ամեակը եւ յիշեց Արցախեան ազատագրական պայքարի փառապանծ էջերը:
Նշենք, որ «Կարկաչ»ի այս ելոյթին դաշնամուրով կþընկերակցէր Կամիլա Քեշիշեան: