Երեքշաբթի, 18 Յունուար 2011-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրատան մէջ հանդիպում ունեցաւ «Հայ դատի շաբթուան» առիթով ներկայիս Լիբանան գտնուող Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամ Արտակ Գաբրիէլեանի եւ Արեւմտահայոց հարցերու կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեանի ետ:
Հանդիպման ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին իրենց աշխատանքներուն ծիրը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու հետապնդած նպատակները՝ միաժամանակ շեշտելով, որ համահայկական տարողութիւն ունեցող Ջաւախքի ներկայ իրավիճակն ու Արեւմտահայոց առնչուող հարցերը կը կարօտին համայն հայութեան զօրակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ճիգերով ապահովել առաւելագոյն արդիւնք:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծապէս գնահատեց զոյգ մասնագէտներուն տարած աշխատանքը, ապա Համազգայինի մեծ ընտանիքին անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց ե՛ւ ջաւախահայութեան ներկայ կեանքի բարելաւման ի նպաստ տարուող ճիգերուն, ե՛ւ Արեւմտահայաստանի դատին ու արեւմտահայոց իրաւունքներուն ի նպաստ աշխատանք տանող կեդրոնի նախաձեռնութիւններուն: