Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբը Շաբաթ, 13 Յունուար 2018-ին դարձեալ Նիկոսիոյ հայութեան ներկայացաւ, Յարութ Թահմազեանի հեղինակած ու բեմադրած «Ո՞վ է Մեղաւորը» զաւեշտով:
Նախ քան ներկայացումը, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակ ու բեմադրիչ Յարութ Թահմազեանին, դերակատարներուն, օժանդակողներուն ու յատկապէս Թատերական Յանձնախումբի անդամներուն, որոնց երկար ու հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն էր այս ներկայացումը:
Ռուսական Մշակութային Կեդրոնի հանդիսասրահը ծայրէ ծայր լեցուցած հանդիսականները մեծ հաճոյքով հետեւեցան թատերակին, որ սկիզբէն մինչեւ վերջ ընթացաւ արագ ու սահուն կերպով, դերակատարներուն՝ Նազարէթ Ատուրեանի, Մարսիա Ատուրեան-Պոհճէլեանի, Սոնիա Չիլինկիրեանի, Վաչէ Թունճիկեանի, Կրեկորի Մկրտիչեանի, Տիգրան Ատուրեանի եւ Վարդան Կոստանեանի խաղարկութեամբ:
Հանդիսատեսները բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին ներկայացումը, շնորհաւորութեան ու հիացումի խօսքեր ընծայելով բեմադրիչին ու դերակատարներուն, որոնք Համազգայինի «Դիմակ» Թատերախումբին համար յաջողութիւն մը եւս արձանագրեցին, ուրախ եւ հաճելի ժամանց ընծայելով թատերասէր հասարակութեան: