Համազգայինի Կիպրոսի Օշական Մեկուսի Մասնաճիւղի 12-րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 29 Սեպտեմբեր 2011-ին, Նիքոսիոյ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Կիպրոսի մասնաճիւղի 30 անդամներու եւ Լիբանանէն գործուղուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Արին Գալուստեանի։
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Վարչութեան կատարած աշխատանքները եւ գնահատելով զանոնք, յառաջիկայ տարեշրջանի համար ընտրեց նորընտիր կազմ մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէ։
Շուշիկ Պագալեան՝ ատենապետ
Նաթաշա Թաւուքճեան`ատենադպիր
Արամ Դաւիթեան՝գանձապահ
Կապրիելլե Փեթրիտու` խորհրդական
Անի Սարգիսեան`խորհրդական
Մարի Լուիզ Գույումճեան`խորհրդական
Յաբէթ Թուլումճեան` խորհրդական
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։