Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարուիւնը տեղի ունեցաւ 6 Մայիս 2018-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Հրայր Պարոնեան, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Յասմիկ Աբրահամեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Սօնիա Պզտիկեան եւ քաջալերող ու խանդավառ հասարակութիւն մը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Հրանդ Մարգարեանը, որ յայտնեց.- «Այսօր կը լրանայ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադրութեան յիսուներորդ տարին: Մասնաճիւղին յիսնամեակը նշուեցաւ քառօրեայ ծրագրով, անցեալ տարի Մայիս 4-էն 7: Ծրագիրը նուիրուած էր՝ Արցախի պաշտպանողական դիրքերուն ծառայող զինուորներուն՝ արեան-հոսք-կասեցնող սարքերու հայթայթման: Առ այդ, ձեռնարկներէն գոյացած $25 հազարտոլարը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այդ նպատակին: Այսօր կը սկսի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութեան տարին»:
Մարգարեան հրաւիրեց մասնաճիւղի փոխատենապետուհի՝ Նայտա Ոսկերիչեանը որ յայտագրին ընթացք տայ: Ընկերուհին ողջունեց ներկաներուն, ապա կարդաց Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած դասախօս՝ Սարօ Նազարեանի կենսագրականը: