Համազգայինի հրատարակչատունը Ուրբաթ, 5 Նոյեմբերի երեկոյեան փառաշուք կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:
Այս առիթով «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-ընթրիքը կը վայելէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, եւ անոր ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ հրատարակչատան նեցուկ ու զօրավիգ կանգնած հիւրեր:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Գալեմքերեան. Համազգայինի հրատարակչատան 80-ամեայ երթը ներկայացուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսաերիզի ընդմէջէն:
Ապա խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան, որոնք լուսարձակի տակ առին ներկայ դժուար ու մարտահրաւէրներով լի պայմաններուն լոյսին տակ հայկական արժէքներու պահպանման դիմաց թումբ կանգնող դժուարութիւնները, որոնց շրջանցման համար անհրաժեշտ են հաւաքական աշխատանքը, գործող կենարար կառոյցներուն նկատմամբ զօրակցութիւնն ու նեցուկը: Անոնք հաստատեցին, որ Համազգայինը տակաւին իր դիմաց ունի իրագործելի մեծ աշխատանքներ, զորս կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել հաւատքով, սփիւռքի կազմակերպական եւ նիւթական ուժերու համագործակցութեամբ ու մարդուժի նուիրեալ բանակի մը առկայութեամբ:
Հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ իրենց ունեցած մեծ ներդրումին համար Համազգայինի հրատարակչատան 80-ամեակին առիթով յուշանուէրներ յանձնուեցան «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքին, Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ Սէթեան ընտանիքին:
Աւարտին իր գնահատանքի եւ ողջոյնի խօսքը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ շեշտելով լիբանանահայութեան ունեցած մեծ ու հիմնական դերակատարութիւնը` սփիւռքի կեանքին մէջ, դիտել տուաւ, որ Համազգայինի հրատարակչատան նման կառոյցներու կատարած աշխատանքը խիստ կարեւոր է լիբանանահայութեան այս հանգամանքը ըստ արժանւոյն պահպանելու առումով:
80-ամեակին առիթով կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Նշենք, որ այս առիթով Հայաստանի Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան յատուկ գիրով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը դարձաւ այս կառոյցի անդամ: