Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 28 Հոտեմբեր 2018-ին Իսի լէ Մուլինոյի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 50 հիւրերու։
Բարի եկաքի խօսքը փոխանցեց Հայ Մշակոյթի Տան տնօրէն եւ Համազգայինի նորաստեղծ կորիզի հիմնադիր անդամներէն Տիգրան Գարաօղլանեան։ Ապա ցուցադրուեցաւ Համազգայինի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը։
Հերթաբար խօսք առին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեան, նորակազմ կորիզի անդամ՝ Յասմիկ Շահինեան եւ Համազգայինի Փարիզի մեկուսի կազմի ատենապետուհի Հուրիկ Պաղտասարեան։
ՀամազգայինԹարգմանչաց վարժարանի նախկին եւ ներկայ աշակերտներէն ոմանք Թումանեանի հեքիաթներէն ներշնչուած թատերախաղ մը ներկայացուցին:
Ներկաները ուսումնասիրեցին Համազգայինի Հօ տը Սէնի առաջին միաւորի (գործած 30ականներէն մինչեւ 50ականները) արխիւները, որոնք ցուցադրուած էին սեղաններու վրայ:
Ձեռնարկի աւարտին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ: