Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պարի Միաւորի վարչութիւնը ճաշկերոյթ-խնճոյք մը կազմակերպեց Կիրակի՝ 3 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Գոքիիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս։ Օրուան խնճոյքը տեւեց մինչեւ գիշերուան 12-ը անց։
Ճաշկերոյթին նպատակն էր հասոյթ ապահովել ու զայն ամբողջութեամբ տրամադրել Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու ապագայ ծրագիրներուն եւ գործունէութեան նպատականերու յաջողութեան, ի մասնաւորի նոր տարազի մը պատրաստութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիսադրուի 2018 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի կեդրոնական հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունենալիք ելոյթին, ուր մեր պարախումբի տղաքն ու աղջիկները յատուկ պարով պիտի պանծացնեն հայոց պատմութեան յաջորդական ժամանակաշրջաններու ամէնէն յատկանշական ու անկիւնադարձային տարեթեւը՝ 28 Մայիս 1918ն, որ մեր պատմութեան ժամանակագրութեան մէջ առաջին անգամ ստեղծեց ազատ ու անկախ հանրապետութեամբ պետականութիւն։