Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագրով, Հոկտեմբեր 15-ին Ճեմարանի 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն 22 աշակերտներ 2 ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ մեկնեցան Հայաստան:
Ինչպէս անցեալ տարի, անոնք պիտի հիւրընկալուին երեւանցի ընտանիքներու մօտ: Նախարարութեան կազմակերպութեամբ աշակերտները պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան եւ յատկանշական վայրերը: Անոնք ներկայ պիտի ըլլան Երեւանի Համազգայինի թատերախումբին ելոյթին եւ հանդիպում պիտի ունենան թատերախումբի անդամներուն հետ: