Ինչպէս բոլոր դպրոցները, Ֆրանսայի տարածքին, Մարսիլիոյ Ճեմարանն ալ, Սեպտեմբեր 2-ին, 30րդ անգամ ըլլալով ապահովեց 330 աշակերտներու վերամուտը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան։ Սակայն վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, ներկայութեամբ ծնողներու, աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան եւ վարչական կազմի ներկայացուցիչներուն։
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին 11-րդ դասարանի աշակերտները՝ հայերէնով եւ ֆրանսերէնով, ապա խօսք առին Ճեմարանի տնօրէնուհի Օրիորդ Սեդա Պիպէրեանը եւ հայերէնի ուսուցչուհի Տիկին Սօսէ Մնակեանը, որոնք անդրադարձան վարժարանի 30 տարուան իրագործումներուն, շեշտելով որ այսօր Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանը ֆրանսահայ գաղութի անբաժան եւ կարեւորագոյն մասնիկներէն մէկն է։ Անոնք յիշեցուցին, որ 30 տարիներ առաջ, երբ 4 աշակերտներով սկսաւ այս գործը, շատեր թերահաւատ էին, սակայն շնորհիւ ծնողներու մնայուն հաւատքին, բարեկամներու եւ նուիրատուներու աջակցութեան, ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ իրերայաջորդ վարչութիւններու անսակարկ նուիրումին, եւ վերջապէս Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւններու ամէն տեսակի ներդրումներուն, Ճեմարանը այսօր անհերքելի յաջողութիւն մըն է։
Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական դրօշակի արարողութիւնը, 8 աշակերտները բարձրացուցին Հայաստանի, Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ Համազգայինի դրօշակները, որմէ ետք բոլոր աշակերտները երգեցին Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգները։
Յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք մեր Ճեմարանին։