Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութեան, Շաբաթ 11 Յունիս, 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Տուպայի Վիլլա Րօդանա պանդոկի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ անդամական անդրանիկ հաւաքը, որուն մասնակցութիւն բերին 35 անդամ-անդամուհիներ Էմիրութիւններ հաստատուած տարբեր հայկական օճախներէ, ինչպէս՝ Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան, Կիպրոս եւ Գանատա:
Մեկուսի Վարչութեան Ատենապետ Նշան Պասմաճեան, իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ Մուշեղ Իշխան մասնաճիւղի գոյութեան նպատակն է ԱՄԷ-եանց մէջ բնակող հայութեան մշակութային եւ կրթական կեանքին նեցուկ կանգնիլ, հաստատել սէր եւ հետաքրքրութիւն հայ մշակոյթին նկատմամբ , հսկել մշակութային զարգացման ու տարածման գործընթացը եւ մշակոյթի ճամբով սատար հանդիսանալ Հայ Դատին:
Օրակարգը կը բաղկանար հետեւեալ կէտերէն.
Պատմական ակնարկ (ներկայացում պաստառի վրայ)
Համազգայինի 80 ամեակի տեսաերիզի ցուցադրութիւն
Նախագիծ/Ծրագրի ներկայացում եւ քննարկում - առաջարկներ
Եզրափակում՝ Երաժշտութիւն մասնակցութեամբ Սաքսոֆոնիսթ Յովսէփ Չաղլասեանի
Պատմական ակնարկը ներկայացուց վարչութեան ատենադպրուհի
Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան, որուն յաջորդեց Համազգայինի 80
ամեակի տեսաերիզի ցուցադրութիւնը:
Ն. Պասմաճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց մասնաճիւղին միամեայ
գործունէութեան ծրագիրը։ Ներկանները հաստատեցին, որ Համազգայինը մշակութային գործունէութիւն տարածելու կողքին ունի նաեւ պարտաւորութիւն սերունդներու պատրաստութեան եւ հայապահպանման գործին մէջ, ինչ որ կ՚առաջադրէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն եւ յանձնախումբերու լուրջ աշխատանք:
Հաւաքի ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, հայ
երիտասարդութիւնը, համալսարանական եւ երկրորդական դպրոցներու
ուսանողութիւնը յուզող , անոնց գործնական մասնակցութիւնը ապահովելու
խնդրին շուրջ: Առիթ տրուեցաւ իւրաքանչիւր անդամի ներկայացնելու իր
մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները: Անդամները արտայայտեցին իրենց
նախասիրութիւնները մատնանշելով այն յանձնախումբերը որոնց մէջ իրենք
կրնան աշխատիլ :
Հաւաքի աւարտին, Ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր
ներկաներուն, որոնք իրենց շինիչ մասնակցութիւնը բերին իրենց
առաջարկներով եւ սատար կանգնեցան հաւաքի յաջողութեան: Խօսքը
ուղղելով մասնակից պատրաստակամ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն
ան պարտաւորութիւն դրաւ անոնց ուսերու` Համազգայինի շարքերը իրենց նման յանձնառու երիտասարդներով խտացնելու: Երիտասարդութիւնը դրական
պատասխան տուաւ այս առաջարկին:
Խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական երաժշտական յայտագիր, ուր
սաքսօֆոնով ելոյթ ունեցաւ արուեստագէտ Յովսէփ Չաղլասեան
խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ
հիւրասիրութեամբ: