Լիբանանի մէջ երրորդ տարին ըլլալով տեղի կ°ունենայ ՄԱԿ-ի «Համաշխարհային դասարանային ծրագիրը»՝ համագործակցութեամբ LAU համալսարանի, համաշխարհային հովանաւորութեամբ Մէրիլ Լինչի եւ BBAC տեղական դրամատան: Ծրագիրը արդէն իսկ որդեգրուած է 29 երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ 21-ին կողմէ:
Ծրագրին նպատակն է զարգացնել մշակութային գիտակցութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը աշակերտներուն մօտ: Այս տարուան նշանաբանն էր «Ո՞վ ենք մենք, եթէ անկարող ենք խաղաղութիւն երեւակայելու»:
Լիբանանի մօտ 100 դպրոցներէ 1000 աշակերտներ մասնակցեցան 8 ծրագրաւորման հանդիպումներու: Երկրորդ անգամ ըլլալով Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. դասարանէն 14 աշակերտներ (Նազօ Գէորգեան, Սանահին Գասապեան, Դալար Մխիթարեան, Շողեր Յովհաննէսեան, Գարինա Հանսքեհեան, Սանան Գանտահարեան, Հրակ Տէմիրճեան, Հրակ Փափազեան, Վարագ Գեթսեմանեան, Քրիստ Ատուրեան, Արմէն Պչաքճեան, Լեւոն Միքայէլեան, Մուշեղ Գարավարդանեան եւ Արինա Մալճեան), իսկ ԺԱ. դասարանէն՝ Շաղիկ Պապիկեան(երկրորդ անգամ ըլլալով) իրենց մասնակցութիւնը բերին այս բացառիկ ծրագրին:
Գործնական վարժութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները բաժնուեցան տարբեր խմբակներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի կառոյցի ենթաբաժանումներէն մէկը, ինչպէս՝ Ապահովութեան Խորհուրդ (Security Council), UNDP, HRC, UNEP, եւայլն: 8 հանդիպումներուն ընթացքին աշակերտները ծանօթացան ՄԱԿ-ի գործունէութեան եւ նպատակին, տարբեր մարմիններուն, օրէնքներուն եւ կանոններուն: Անոնք գործնական վարժութիւններու ընդմէջէն ծանօթացան հետազօտութեան ձեւերուն, բանակցութեան կարողականութեան, «Դիրքորոշման փաստաթուղթի» (Position Paper) շարադրման, հրապարակային բանախօսութեան, եւայլն:
Իւրաքանչիւր դպրոցի վերապահուած էր ներկայացնել երկիր մը. Ճեմարանի աշակերտները ներկայացուցին Ֆրանսան ու Կիպրոսը: Անոնք լաւապէս աշխատեցան տեղեկութիւններ քաղելու երկու նշանակուած նիւթերու մասին, զոր իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք էր ներկայացնէր իր անդամակցած խմբակէն ներս:
Շաբաթ, 3 Մայիս 2008-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն 7:00 տեղի ունեցաւ «Global Village» գեղարուեստական յայտագիրը, ուր մասնակից աշակերտները ներկայացուցին իրենց ստանձնած երկրին մասին ցուցահանդէս մը: Ճեմարանի աշակերտները հանդէս եկան նաեւ ֆրանսական պարով մը, որ բուռն ծափահարութիւններու արժանացաւ:
Կիրակի, 4 Մայիս 2008-ին, մասնակից աշակերտները տքնաջան աշխատանքէ ետք համախմբուեցան UNESCO-ի պալատ, ուր տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ LAU համալսարանի տնօրէն Ժոզէֆ Ժապրայի: Հանդիսութեան ներկայ էին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Երկար սպասումէ ետք հասաւ մրցանակաբաշխութեան պահը, երբ պիտի յայտարարուէին իւրաքանչիւր խմբակի լաւագոյն աշակերտներուն անունները: Մրցանակները բաժնուած էին երեք կարգերու՝
ա- Ընդհանուր Քարտուղարութեան մրցանակ
բ- Դիւանագիտութեան մրցանակ
գ- «Դիրքորոշման փաստաթուղթ»ի (Position Paper) մրցանակ
Ճեմարանի աշակերտներէն Սանահին Գասապեան ստացաւ ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ ծրագրի դիւանագիտութեան մրցանակը, իսկ Հրակ Տէմիրճեան՝ «Դիրքորոշման փաստաթուղթ»ի մրցանակը: Գնահատելի էին աշակերտներուն խանդավառ աշխատանքն ու ճիգերը: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՄԱԿ-ի «Համաշխարհային դասարանային ծրագիր»ի կազմակերպիչ մարմնին եւ LAU համալսարանի տնօրէնութեան, որոնք մեզ հրաւիրեցին այս իւրայատուկ եւ օգտաշատ փորձառութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս LAU-ի ուսանող Գէորգ Արսլանեանին, որուն վստահուած էր տուեալ ծրագրին համար հայկական վարժարաններուն հետ համադրումի աշխատանքը, զոր կատարեց մեծ նուիրումով: