Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ։
Հանդիպումը առիթ եղաւ վեհափառ հօր հետ խորհրդակցելու հայ կրթութեան ու մշակոյթին առնչուող առկայ խնդիրներուն շուրջ, որոնց վրայ կեդրոնացած էր վերջերս Հայաստանի մէջ գումարուած Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովը։
Վեհափառ հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց քաղաքատնտեսական այժմու դժուարին պայմաններուն մէջ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցին կատարած կարեւոր դերակատարութեան առիթով եւ յորդորեց, ի շարս կրթամշակութային այլաբնոյթ գործունէութիւններու, յատուկ աշխատանք տանիլ սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման համար։ Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման: