Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը, որ 2002 թուականէն սկսեալ տեղի կ°ունենայ Հայաստանի մէջ, կը միտի ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մէջ, ծանօթացնել անոնց հայ մշակոյթին, հայոց պատմութեան, հայ երիտասարդին դիմագրաւած ընկերային եւ ազգային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ հայութեան նկատմամբ հայ համալսարանականին պարտականութիւններուն:
Այս տարուան ուսանողական Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին շուրջ 40 ուսանողներ աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Գանատա, ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Արժանթին, Լիբանան, Սուրիա, Իրան եւ Հայաստան:
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի յանձնախումբը առ ի գնահատանք Համազգայինի Ճեմարաններու փայլուն աշակերտներուն, այս տարի հրաւիրեց Արսլանեան եւ Մարսիլիոյ Ճեմարաններէն լաւագոյն աշակերտները (մէկական ներկայացուցիչ), որպէսզի մասնակցին Ֆորումին: «Յօդուածներ» գլուխին տակ կարելի է կարդալ անոնցմէ մէկուն տպաւորութիւնները: