Եւրոպա
Ս․ Յարութեան Տօնին առթիւ, Կիրակի 17 Ապրիլ 2022-ին, Համազգայինի Լիմասոլի «Կիլիկիա» եւ Պաֆոսի «Անի» պարախումբերը կազմակերպեցին հայկական խրախճանք մը, որ բացառիկ յաջողութեմբ պսակուեցաւ։
Զատկական խրախճանքը տեղի ունեցաւ Լիմասոլի Բետրոն ճաշարանին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 5-էն սկսեալ. պարախումբերու պատասխանատուներուն ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, ներկայ գտնուեցան աւելի քան 70 հոգի։
Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ ծանօթացան Համազգայինի պարախումբերուն առօրեայ աշխատանքին ու պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի անխոնջ ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջերմօրէն սատարելու Համազգայինի մշակութային գործունէութեան։