Ժողովրդական պարը ազգի մը կենցաղային առօրեայի արտացոլումն է, պատմութիւնն է, աւանդութիւնը, մտերիմ յարաբերութիւնը, տրամադրութիւնը, մնայուն արժէքը եւ հասանելին՝ բոլորին սիրտերուն: Հայկական պարը կենսալից է, աշխոյժ, գեղեցիկ շարժում, ճկունութիւն, ե՛ւ նազանք ե՛ւ առնականութիւն, նաեւ ազգային ոգին եւ ինքնութիւնը պահպանելու մատչելի ու հաճելի ազդակ, հետեւաբար, պարարուեստի ուսուցումը անհրաժեշտ է նոր սերունդին համար՝ զիրենք ներգրաւելու հայկական երաժշտութեան, երգին, հարուստ տարազներու ծանօթացման եւ պարային արուեստին մէջ:
Մեր ստեղծագործ ժողովուրդը պարած է հարսանիքներու, ռազմական յաղթանակներու, այգեգործութեան ժամանակ, աւանդական տօնահանդէսներու. պարած են՝ արտայայտելով իրենց մարտական ոգին եւ կենսուրախ տրամադրութիւնները:
Լոս Անճելըսի գրեթէ բոլոր հայկական դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին այս գեղեցիկ արուեստները: Նոյնպէս մշակութային միութիւններ (ի մասնաւորի Համազգայինը) եւ անհատներ տարբեր շրջաններու մէջ հիմնած են պարարուեստի ուսումնարաններ, ուր տարբեր տարիքներու հայ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ համախմբուելով՝ կը սորվին հայկական ժողովրդային պարերը:
Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, 6 Հոկտեմբեր, 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին CSUN-ի Plaza Del Sol սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նայիրի» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթը:
Ամիսներու երկար ու սպառիչ փորձերէ ետք, 65 խանդավառ փոքրեր, պատանիներ, պարմանուհիներ եւ երիտասարդներ, տարբեր տարիքային խումբերով, բեմ բարձրացան եւ հանդիսատեսին ներկայացուցին հայկական ժողովրդական եւ ժամանակակից պարեր: Բեմին գունագեղ պաստառները, սքանչելի լուսաւորումը, տարազներու այլազանութիւնը եւ եղանակներու ընտրութիւնը հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին եւ խանդավառեցին նայիրիականներուն ծնողներն ու հարազատները. անոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին պարողները, մանաւանդ հինգ-վեց տարեկան սիրուն աղջնակներուն, որոնք երեկոյին առաւել փայլք եւ հմայք բերելով՝ գրաւեցին ներկաներուն սիրտերը: