Վահէ Սէթեան տպարան
«Թէհլիրեան. Արդարահատոյցը» գիրքը 1981-ին հրատարակուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, իսկ այսօր կը վերահրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքին զոյգ հրատարակութիւններուն խմբագրութիւնը ստանձնած է Յարութիւն Քիւրքճեան, որ այս նոր հրատարակութեան առիթով իր խօսքին մէջ կը յիշէ, թէ «բոլոր կենսական աշխատանքներուն կողքին, կենսական կը մնայ ե՛ւ դաստիարակչական գործը, ոգեղէն լիցք ստեղծելու, պահպանելու գործը: Թէհլիրեաններու, Շիրակեաններու, Երկանեաններու աւանդը վերանորոգելու, աճող սերունդները անոնցմով օծելու գործը»: