Ուրբաթ, 8 Ապրիլի երեկոյեան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ազգային, միութենական, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ դպրոցներու տնօրէններու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ մանուկներու հոծ բազմութեան:
Համազգայինի գրատարածի անձնակազմէն Արմիկ Քերքեզեան ձեռնարկին բացումը կատարելով յայտնեց, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ քաթարաբնակ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին:
Այս առիթով Քերքեզեան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, Հալաճեան ամոլին եւ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերող ու գործակցող հայ թէ օտար հրատարակչատուներու, «Վանայ Ձայն»ին եւ «Ազդակ»ին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Գեղամ արք. Խաչերեան նշեց, որ հակառակ անոր որ հետզհետէ կը նահանջէ գիրքին ներկայութիւնը, այսուհանդերձ այսօր առիթ է քաջալերելու մանուկները, որ սիրեն ու հետաքրքրուին գիրքերով:
«Բա՛ց գիրքը եւ կարդա՛» նշանախօսքով ամերիկեան Փիթսպուրկ համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը նշելով` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ըստ նշեալ ուսումնասիրութեան, համացանցի եւ յարակից նորութիւններուն հետեւող պատանիներու հոգեկան վիճակը կ՚ըլլայ աւելի անկայուն, քան այն մանուկները, որոնք գիրք կը կարդան:
«Մենք որակի տագնապ ունինք, որովհետեւ գնահատող չկայ որակաւոր աշխատանքը»,- շարունակեց Գեղամ արք. Խաչերեան` կոչ ուղղելով ծնողներուն, որ իրենց իսկ կեցուածքով ու տան մէջ դրսեւորուած վարք ու բարքով օրինակ դառնան ու գիրքին նկատմամբ սէր սերմանեն մանուկներուն մօտ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ այս հաստատութիւնը միայն գրավաճառանոց չէ, այլ ունի աւելի խոր ու մշակութային առաքելութիւն:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մինչեւ 17 Ապրիլ, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: