Երկրորդ տարին ըլլալով, Համազգայինի «Փեթակ» ամառնային ճամբարը համախմբեց հայ պատանիներ, որոնք «Զում»ի դրութեամբ եւ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ հետեւեցան ծրագրաւորուած յայտագիրի մը եւ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցընելով՝ ստեղծագործեցին, բացայայտեցին եւ վերակենդանացուցին արեւմտահայերէնը իրենց առօրեային մէջ։
Առաջին օրուան աշխատանոցը վարեց Նարեկ Մեսրոպեան, որ իր խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ մը։ Ան նպաստեց մասնակցողներուն՝ իրարու ծանօթանալուն եւ իրարու հետ հանգիստ զգալուն։
Երկրորդ օրը արուեստագիտուհի Մարալ Քէշիշեան պատանիներուն ծանօթացուց գծագրութեան սկզբունքները։ Ան գոյներու եւ գիծերու ուղղութիւններ տալով պատանիներուն՝ առաջնորդեց ջայլամ մը գծելու աշխատանքը։ Նիստին վերջաւորութեան, իւրաքանչիւր մասնակցող իր գծածը հպարտութեամբ ցուցադրեց: