Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2009-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Վալանսի Հայ Մշակոյթի Տան սրահին մէջ, Համազգային Լեւոն Շանթ մասնաճիւղը նշեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրման 80 ամեակը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ շուրջ 200 հայ արուեստասէր հանդիսատեսներու:
Բացման խօսքը կարդաց Սօսի Պայրամեան ներկայացնելով Արամ Վեհափառի կոնդակը՝ 80 ամեակի կապակցութեամբ: Ապա Մարալ Հարպոյեան ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը, որ սկսաւ ասմունքով, որովհետեւ հայ ժողովուրդը բանաստեղծութիւն սիրող ժողովուրդ է, ու երկար դարեր չափածոյ խօսքը հայ ժողովուրդի արտայայտութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկը եղած է : Հանդիսութեան մասնակից հինգ ասմունքողներէն իւրաքանչիւրը մեկնաբանեց հայ գրական գանձերէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ. անոնք իւրայատուկ ոճով փորձեցին բանաստեղծին ապրումները հասցնել հանդիսատեսի ականջին, մտքին ու սրտին:
Յարութ Հարպոյեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք»ը, Նարինէ Պետիկեան՝ Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Լեզու»ն, Սամուէլ Ղազարեան՝ Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի»ն, Տիկ. Սիւզան Փեհլիվանեան՝ Գէորգ Էմինի «Երգ Կռունկի Մասին»ը, իսկ Սօսի Պայրամեան՝ Սիամանթոյի «Ես Երգելով Կ°ուզեմ Մեռնիլ»ը: Գուսան Շերամի ծննդեան 150 ամեակը յիշելով, Տիկ. Հայկուհի Իսպիրեան-Ռաստկէլէնեան իր մեղմ ու հաղորդական ձայնով մեկնաբանեց Շերամի ստեղծագործութիւններէն աշուղական երգեր՝ «Ամէն Երեկոյ» եւ «Շորորա», ընկերակցութեամբ Գէորգ Ռաստկէլէնեանի (երգեհոն), Յովհաննէս Ռաստկէլէնեանի (գլարինէթ) եւ Յարութ Հարպոյեան (տհոլ): Այս եռեակը կատարեց նաեւ երկու երաժշտական կտորներ՝ «Տաւիղ» եւ հայկական ժողովրդական պար՝ «Շալախօ»: Գուսան Աշոտի ծննդեան 100 ամեակը յիշելով, պարմանուհիներ Օֆելիա Սթիլզ եւ Գառնի Հարպոյեան ներկայացուցին Գուսան Աշոտի ստեղծագործութիւններէն «Սէրս Վանքում Տաթեւի» երգով, Մարալ Հարպոյեանի պատրաստութեամբ, գեղեցիկ պար մը՝ դառնալով «Աղն այն մի պտղունց, որ համ է տալիս մի ամբողջ ճաշի», մէկ խօսքով այդ աղջնակները դարձան համն ու հոտը հանդիսութեան:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: