Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութեան ԱՄՆու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ինչպէս նաեւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններու երրորդ տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 4-5 Մարտ 2017 շաբաթավերջին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ Հրայր Պարոնեանի եւ յիշեալ երեք շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Շաբաթավերջի ընթացքին, այլ ծրագիրներու առընթեր քննարկուեցան հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը.-
1) Hamazkayin ArtLinks - (Համազգայինի Երիտասարդական Ցանց)ի երրորդ տարեկան հաւաքը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճըլըսի մէջ:
2) Հայ մշակոյթը յաջորդ սերունդին փոխանցելու եւ երիտասարդ տարրը ներգրաւելու մշակութային գործունէութեանց մէջ:
Շրջանային վարչութիւններու ատենապետներ՝
Ընկերներ Ծովիկ Գահվէճեան (Գանատա), Արեւիկ Գաբրիէլեան (ԱՄՆ Արեւելեան շրջան) եւ Մանուկ Չուխաճեան (ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան)