21-22 Փետրուար 2015-ի շաբաթավերջին, Մոնթրէալի հայութիւնը ապրեցաւ թատերական վայելքի օրեր: Տեղւոյն Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ, Հայաստանի Համազգային Պետական թատերախումբը տուաւ Գանատայի մէջ իր անդրանիկ ներկայացումները:
Շաբաթ երեկոյեան, խումբը ներկայացուց Ուիլիամ Սարոյեանի պատմուածքներու վրայ հիմնուած Նիկոլա Ծատուրեանի «Փրկութեան Կղզի»ն, իսկ Կիրակի երեկոյեան՝ Աստղիկ Սիմոնեանի «44 Աստիճանի Վրայ» թատերախաղը, որ կ'արծարծէր Հայաստանէն արտագաղթի երեւոյթն ու անկէ բխող այժմէական հարցերը: Երկու ներկայացումներն ալ արժանացան հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին։
Համազգային Պետական Թատրոնի Մոնթրէալէն անցքին, «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի բեմադրիչներն ու դերակատարները, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի անդամները, առիթը ունեցան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ մօտէն շփուելու հայրենիքէն ժամանած տաղանդաշատ խումբին հետ:
Նշենք, որ Գանատա ժամանելէն առաջ, թատերախումբը ներկայացումներ տուած էր Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իսկ 27-28 Փետրուարին եւ 1 Մարտին, իր բարձրորակ ներկայացումներով պիտի ներկայանայ Թորոնթոյի հայութեան: