Կիրակի Նոյեմբեր 22-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասին մէջ դադար մը տրուեցաւ առօրեայ կեանքին, ու երազներու աշխարհին դռները բացուեցան Տիգրան
Համասեանի, Լեւոն Շատիկեանի եւ «Արաթթա Ռիպըրթ» խումբին համերգով:
Համազգայինի եւ «Ֆրանս-Արմէնի»ի համագործակցութեամբ Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ կազմակերպուած
այս համերգը սկսաւ Համազգային-Փարիզի նախագահուհի Հուրիկ Պաղտասարեանի բացման խօսքով: Անոր առանցքը կազմեցին քաղաքապետ Պրաւոյի ուղղուած շնորհակալական արտայայտութիւնները՝ հայկական մշակութային ձեռնարկներուն իր բերած զօրակցութեան համար (թէեւ Պրաւօ բացակայ էր):
Համերգին առաջին մասը կը կազմէր Տիգրան Համասեան (դաշնակ) եւ դուդուկահար Լեւոն Շատիկեան զոյգին ելոյթը, որ հանդիսատեսները ճամբորդութեան
մը հրաւիրեց դէպի Հայաստան: Երկրորդ բաժնին, Տիգրան Համասեան այս անգամ հանդէս եկաւ «Արաթթա Ռիպըրթ» խումբին կազմէն, որ կը բաղկանայ Լոս Անճըլըսէն հինգ երիտասարդներէ՝ ինք, Տիգրան Համասեան՝ դաշնակ, երգչուհի Արենի, Պէն Վէնտել՝ սաքս, Նեյթ Վուտ՝հարուածային, Սամ Մինաիէ՝ թաւջութակ:
Համերգը վերջացաւ շուրջ 400 հանդիսականներուն յոտնկայս ծափահարութիւններով: Համերգէն ետք կազմակերպուած էր քոքթէյլ մը, որուն ընթացքին հիւրասիրուեցան տակաւին երաժշտական երազներու աշխարհը գտնուող հանդիսատեսները:
Տիգրան Համասեան ծնած է 1987- ին Գիւմրի, 1997-էն սկսած է ճազի դասերու եւ իր առաջին յօրինումները կը պատկանին այս շրջանին: Ապա սկսած է մասնակցիլ ճազի մրցումներու ու ստացած է զանազան մրցանակներ: 2006-ին Ուաշինկթընի մէջ ան շահած է ճազի համաշխարհային ամենամեծ մրցանակը՝ Thelonius Monk:
Լեւոն Շատիկեան Հայաստանի ազգային «Կոմիտաս» երաժշտանոցի դուդուկի մրցանակակիր է եւ ներկայիս կը դասաւանդէ Ֆրանսայի Ռոման քաղաքի երաժշտանոցին մէջ: