Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, նշուեցաւ երգահան-երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125 ամեակը Կիրակի, 12 Յունիսին:
Համերգին առաջին իսկ երգէն, կարելի էր նոյնիսկ ոչ միայն զգալ, այլ շնչել ու շօշափել ա՛յն հսկայ ճիգն ու լաւագոյնին ձգտելու հաստատակամութիւնը, զորս խմբավարը՝ Վարուժան Մարգարեանը, ի գործ դրած էր երգչախումբը օժտելու երգեցողական արուեստով: Եւ յաջողա՛ծ էր: Երգերը, հոգեպարար իրենց բոյրովը կը լեցնէին ունկնդիրներուս հոգիներն ու յիշատակներով օրօրուող մտքերը:
Կանաչեանը Կոմիտասի աշակերտած չորս սաներէն ա՛յն եղած է, որ հաւատարմօրէն Վարպետին յօրինած կամ հաւաքած ժողովրդական երգերը հայկական ոճով ամրագրելու արուեստը դարձուցած է ի՛րը: Առանց Հայաստան աշխարհը տեսած ըլլալու, Կոմիտասէն լսածներով իր մտապաշարը սնուցած է անկէ ժառանգածով եւ հաւատարիմ մնացած է իր Վարպետին: Քնար երգչախումբին ղեկավար՝ Վարուժան Մարգարեանը ա՛յդ իսկ նկատառումով եւ նաեւ որպէզի այդ կապը զգալի դառնայ նաեւ ունկնդիրին, Կոմիտասի «Հով արէք»-ովն ու «Ոհ ինչ անոյշ»-ով կը բանայ յայտագիրը:
«Քնար» երգչախումբի յանձնախումբին կողմէ լաւ մտածուած նորութիւն էր մեծ երաժիշտին ապրած կեանքին դրուագներով համեմել իր յիշատակին նուիրուած այս համերգը, զինք ճանչցնելու, իր ժողովուրդին զաւակներուն մտերմացնելու միտումով: Արդարեւ, համերգին զուգընթաց, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Կանաչեանի 125-ամեակին առթիւ, Երեւանի մէջ պատրաստուած տեսերիզէն ընտրուած բաժիններ, չորս անգամ եկան հանդիսատեսը աւելի մօտէն ծանօթացնելու Բարսեղ Կանաչեան մարդուն, երաժիշտին, մանկավարժին եւ ընտանիքի հօր ապրումներուն, անոր գտած ազգային եւ միջազգային ընդունելութեան, բաւական թիւ կազմող պատուոյ շքանշաններուն, բայց մանաւանդ՝ անոր կազմած «Գուսան» երգչախումբին, (ի միջի այլոց՝ 300 անդամ կը հաշուէր) եւ անոր խաղացած մեծ դերին թէ՛ Կանաչեանի կեանքին մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի հայ ինքնութեան կազմաւորման առնչութեամբ:
Համերգի առաջին բաժնին մաս կը կամէին նաեւ Կանաչեանի հռչակաւոր եւ շատ սիրուած «ռոմանս» մեներգներէն՝ «Ուռին», խօսք՝ Յ. Թումանեանի, մեներգող՝ Լաուրա Պէրպէրեան, «Ալվարդի Երազը», խօսք՝ Վ. Միրաքեանի, մեներգող՝ Հիլտա Օգումուշեան, «Ծով աչեր», խօսք՝ Ա. Իսահակեանի, մեներգող՝ Աստղիկ Էսմերեան, եւ զուգերգ մը, «Ցայգերգ», մեներգողներ՝ Աստղիկ Էսմէրեան եւ Հիլտա Օգումուշեան: Արժէ յիշել, որ «Ցայգերգ»-ի դաշնաւորումը (երկրորդ ձայնը) յօրինումն է «Քնար» երգչախումբի նախկին խմբավարներէն՝ Պետրոս Շուժունեանի: Կանաչեանի «ռոմանս» մեներգները իւրայատուկ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ անոնք եւրոպական են իրենց բնոյթով, բայց ոճով՝ անառարկելիօրէն հայկական: Երեք վերոյիշեալ մեներգողները իրենց երգերուն խորաթափանց ընկալումով, արժանապէս եւ հոյակապ կերպով մեզի վայելել տուին այդ երգերէն բխող թէ՛ բանաստեղծութիւնը եւ թէ մեղեդին, դաշնակի ճարտար ընկերակցութեամբ՝ տիկին Ռիթա Շամլեանի, որուն դերը նո՛յնքան կարեւոր էր մեկնաբանութեան արուեստը ամբողջական դարձնելու տեսանկիւնէն:
Մեծ հաճոյք էր այս առթիւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի մասնակցութիւնը վայելել: Հոս արդէն նկատելի էր խմբավարուհի տիկին Էլիզապէթ Հարպոյեանի շատ բծախնդիր աշխատանքին արգասիքը: «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբը սրահն ու սիրտերը լեցուց երկձայն երգելով Կանաչեանի յօրինումով «Ծիծեռնակի Բոյնը», խօսք՝ Ղազարոս Աղայեանի, եւ Քամառ Գաթիպայի «Մեղուն», որոնց դաշնակով կ'ընկերակցէր տիկին Դալար Հարպոյեան: Վեցէն տասներեք տարեկան մանուկ ու պատանի հաշուող եւ արդէն երգչախմբային բաւական ճամբայ կտրած անոր անդամները այնպիսի լրջութեամբ եւ մանաւանդ՝ նրբութեամբ մեկնաբանեցին ոչ միայն իրենց բաժին ինկած այս երգերը, այլեւ՝ ընկերանալով «Քնար» երգչախումբի անդամներուն միասնաբար երգեցին Ս. Շահազիզի խօսքերով «Հայրենի Կարօտ»-ը, արժանանալով ունկնդիրներուն բուռն ծափահարութեան:
Յայտագրի վերջին մասով, Կանաչեանի «Օրօր»-ը մեկնաբանեց Լաուրա Պէրպէրեան, իր ջերմ ու հաղորդական ձայնով եւ բաւական յաջող մեկնաբանութեամբ, որուն յաջորդեցին «Լուսնակն ելաւ»-ը խօսք՝ Լեւոն Շանթի, իսկ յոտնկայս ծափահարութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ողջունուեցաւ «Նարօ Ջան»-ը որուն մեներգողներն էին Լաուրա Պէրպէրեանն ու Լեւոն Տէր Ադամեանը: Այս վերջինը կատարեց նաեւ «Հէլէ հէլէ – Քեսապի պարերգ»-ի մեներգի բաժինը, եւ պարային խինդ ու խաղի տրամադրութեամբ վերջ գտաւ յայտագիրը:
Կը սիրենք յուսալ եւ սպասել մեծ ակնկալութիւններով «Նոր Ծաղիկ»-ի մէջ թրծուողներու հոսքին՝ դէպի «Քնար» երգչախումբը: Սակայն այս առթիւ, շնորհաւորանքի եւ երախտիքի առիւծի բաժինը արժանապէս կ'երթայ տաղանդաւոր խմբավար Վարուժան Մարգարեանին, որուն անխոնջ ու անվհատ աշխատանքին շնորհիւ, «Քնար» երգչախումբը սկսաւ վերստին շնչել, եւ յաջողութեամբ պսակուած այս համերգէն ետք, մեր մաղթանքն է, որ անդամներու թիւը հասնի այնպիսի պատկառելի թիւի եւ երգեցողութեան որակի, որ դառնայ գաղութիս հպարտութեան եւ գուրգուրանքին առարկան:
Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր, հայ մշակոյթի սպասարկուներ:
Վարդի Դանիէլեան
Մոնրէալ
18 Յունիս, 2011