Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն 11 երիտասարդ արուեստագէտներու` Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն այս իւրայատուկ ցուցահանդէսին առիթով, ապա ըսաւ, թէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հետ համագործակցաբար կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը, եւ ահաւասիկ այսօր կը վայելենք ստեղծագործութիւնները երիտասարդ ստեղծագործողներու, որոնք բոլորն ալ նոր շունչով, նոր ոգեւորութեամբ եկած են: Ան ըսաւ. «Մեր առաքելութիւնը յստակ է. այս սերունդին ճամբան հարթելու համար մենք ունինք պարտականութիւն, որ կը կատարենք մեծ ուրախութեամբ: Այս իրագործումը հայրենիք-սփիւռք կապերու գծով կարեւոր քայլ մը կը նկատենք, հակառակ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական դժուարութիւններուն»: Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ալ Մաշրեք» ապահովագրական ընկերութեան, որ ստանձնած է ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:
Այնուհետեւ Հայաստանէն եկած տասը արուեստագէտները ներկայացուցին իրենք զիրենք, ապա սրտի եւ երախտագիտական խօսքեր յայտնեցին ներկաներուն: