Շաբաթ, 19 Մայիս 2012 է. կը մտնեմ Թորոնթոյի Համազգայինի թատերասրահը վայելելու երկա՜ր ամիսներու պատրաստութեամբ՝ «Էրեբունի» պարախումբի եւ Համազգայինի պարարուեստի ուսումնարանի տարեկան ելոյթը, որ անուանուած է «Հայաստանը Կը Կանչէ...»:
Տեսահոլովակով, քերթուածներով, բեմադրութեամբ, տարազներով եւ պարերու համադրութեամբ, ըլլան անոնք խմբական կամ մենապար, կը փոխադրուինք ազատագրուած ներկայ Հայաստան եւ Արցախ, նաեւ՝ բռնագրաւուած Հայրենի այլ շրջաններ, ինչպէս՝ Էրզրում, Սասուն եւ Մուշ: Սիրտ բացող, հոգի լեցնող, աչք շլացնող, փշաքաղող, ոգեւորող այս յայտագիրը ինչպէ՞ս նկարագրել:
Շրջաններէն անդին նաեւ կը մարմնաւորուի հայ հովիւին, գեղջուկին եւ զինուորին առօրեան իր տարազով, թափով, ոստումով, կանչով եւ թռիչքով: Այս խիզախ եւ անվախ երիտասարդները, նազելի եւ նուրբ օրիորդները, համաչափ քայլերով պատանիները եւ ոգեւոր մանուկները կը ներկայացնեն հետեւեալը.- Ազգագրական Պարեր, Տաւիղ, Արի Պարենք, Էրզրումի Շորոր, Հայկական ժողովրդական Պարեր, Էնզէլի, Կիւլիւմ Ջան - Արցախի Պար, Գեղջուհիներ, Սարդարապատ, Արցախ, Ծովից Ծով, Մշոյ Աղջիկ, Հայաստան, Արագածի փէշեր, Յիս Քու Ղիմէթը չի՞մ Գիտի, Հովիւներու, Գնչուներու եւ Կակաչներու Պարերը: Կը փակուի յայտագիրը, բոլորի մասնակցութեամբ, «Իմ Անունը Հայաստան Է» թնդացնող պարով:
Ներկայացուած 19 պարերէն 11-ը գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց՝ Լոռի Նաճարեանի բեմադրութեամբ են: Ան Երեւանի Պետական Ուսումնարանէն վկայեալ է: «Էրեբունի» պարախումբը գաղութիս զանազան ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը բերած է, ինչպէս Արցախի Տոհմիկ Օր, Հայաստանի վերանկախութեան հանդիսութիւն: Սակայն այսօր պատկերը կ'ամբողջացուի իր թիւով, զանազանութեամբ, յառաջդիմութեամբ եւ կարողութեամբ: Նկատելի է տարազներու արագընթաց փոփոխութիւնը մէկ պարէն միւսը: Օրուան հանդիսավար՝ Թամար Տօնապետեան, յստակ առոգանութեամբ, ասմունքներով եւ յատուկ բացատրականներով կը շաղկապէ յայտագիրը: Բեմայարդաումը Արա Տէր-Յարութիւնեանի ձեւաւորումով՝ Մարտիրոս Սարեանի «Հայրենի Լեռներ»ն է:
Դասական պարերու կողքին նաեւ կայ արդիական բեմադրութիւն Հայկական պարերու, լաւ օրինակը՝ Արա Գէորգեանի յօրինումով «Ծովից Ծով» պարն է, որուն մէջ խմբական պարին հետ մենապարերով կը մասնակցին Լոռի Նաճարեան եւ Լարինէ Մովսէսեան: Յայտագրին մէջ կան նաեւ Հայրենի պարարուեստի մեծ վարպետներու եւ հսկաներու բեմադրութիւնները, ինչպէս՝ Սուզաննա Միքայէլեան, Ազատ Ղարիբեան, Վանուշ Խանամիրեան, Արսէն Աւետիսեան եւ Աշխէն Պոյաճեան:
Յայտագրի աւարտին, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի վարչութեան անունով, պարարուեստի վարչական ներկայացուցիչ Ալին Տօնապետեան կը յայտնէ գնահատանքի խօսքը՝ Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի անձնակազմին, Լոռի Նաճարեանին, յանձնախումբին, ծնողներուն, նուիրատուներուն եւ ներկաներուն: Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց՝ Լոռի Նաճարեան, իր կարգին, կը յայտնէ իր գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը՝ բոլորին: Վարչութեան կողմէ կը փոխանցուի Անահիտ Պապայեանի արուեստի գործը՝ Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Լիլի Աճէմեաններուն, առ ի գնահատանք՝ իրենց նիւթական ներդրումին, ի նպաստ՝ սոյն ելոյթի տարազներու ֆոնտին:
«Էրեբունի» պարախումբը, Յունիս 2012-ին, պիտի մասնակցի «Իմ Հայաստան» պարարուեստի փառատօնին՝ Հայաստան:
Արդարեւ, «Հայաստանը Կը Կանչէ...» ելոյթի միջոցաւ կը գիտակցինք մեր մշակոյթի ժառանգը յաջորդ սերունդին փոխանցելու մեր կարեւոր դերին, այս անգամ պարարուեստի գեղեցիկ միջոցաւ: Սրահէն դուրս, ներկաները առիթ կ'ունենան ըմբոշխնելու Համազգայինի նկարչութեան աշխատանոցի մասնակցողներու գործերէն փունջ մը, որ կ'առնչուի պարարուեստի հետ. նաեւ, նմոյշներ՝ հայրենի արուեստագէտ Արմէն Տանէղեանի մանրանկարչութիւններէն:
Արշօ Զաքարեան