Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամին, Կիրակի, 7 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի անուան լարային քառեակի համերգը՝ ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու:
Ա. Խաչատուրեանի անուան լարային քառեակի գեղարուեստական ղեկավարն է Վաչէ Հովէեան: Խումբին անդամներն են Մարի Մարգարեան (ջութակ), Հայկ Վարդանեան (ջութակ), Վաչէ Հովէեան (վիոլա) եւ Վահան Գէորգեան (թաւջութակ): Քառեակը վերակազմուած է 2004-ին, եւ համերգներ տուած է Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Ռուսիոյ, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ:
Ելոյթի սկզբնաւորութեան Վաչէ Հովէեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին: Ապա ձեռնարկին առաջին բաժինով Ա. Խաչատուրեանի անուան լարային քառեակը նուագեց Էտուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործութիւններու շարք, որ ունի հինգ բաժանմունքներ: Կարճ դադարէ ետք, երկրորդ բաժինով քառեակը նուագեց Կոմիտասի (Մշակում՝ Ասլամազեան) եւ Սայաթ Նովայի (Մշակում՝ Վարդ Մանուկեան) ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս՝ «Քելէ-Քելէ», «Շողեր ճան», «Կաքաւիկ», «Հոյ նազան», «Ալ այլուղս», «Վաղարշապատի պար», «Աշխարհումս», «Քամանչա» եւ այլն:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին, Արամ Խաչատուրեանի անուան լարային քառեակը բարձրորակ կատարումներով նուագեց հայկական դասական երաժշտութենէն գոհարներ, որոնք արժանացան ներկաներու գնահատանքին:
Նշենք, որ ձեռնարկին սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան թերթիկներ, որոնց մէջ «Մեր խօսքը» բաժինին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներ կը միտին քաջալեր հանդիսանալ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ հայ մշակոյթի պահպանման առաջադրանքներուն: Շրջանային վարչութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին Համազգայինի ծրագիրներուն: