Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Սօս Սարգսեանի: