Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
«Ազատ Օր» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան՝ Յուլիս 27, 28 եւ 29-ի օրերուն, «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցան հայերէն լեզուի դասընթացներ: Որպէս դասատու հրաւիրուած էր Յունահայոց Թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան:
11 աշակերտներ մասնակցեցան սոյն դասընթացներուն։ Համայնքի զաւակները զգացական կառչուածութեամբ ուշի-ուշով հետեւեցան դասերուն, ուղղեցին զանազան տեսակի հարցումներ, եւ մեծ գոհունակութեամբ թրծեցին իրենց մտքերը՝ Մուշեղ իշխանի բանաստեղծութեամբ, նաեւ՝ իրենց ազգային ոգին ներշնչեցին «Հայեր միացէ՛ք» ազգային երգը սորվելով: