Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2011-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 62-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայրենի երիտասարդութիւնը եւ հայ ժամանակակից գրականութիւնը»: Դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ օրուան զեկուցաբերը 1991-էն ասդին կը վարէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը, որ կամուրջ կը հանդիսանայ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն` Հայաստանի մշակութային կեանքին հետ: Ան հաստատեց, որ Գալստեան հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչ է:
Ապա խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան, որ նշեց, թէ մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը կամրջուած են, երբ մշակոյթը ունի քաղաքականութիւն, իսկ քաղաքականութիւն չկայ, եթէ անոր հիմքին մէջ չկայ մշակոյթը: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան քսանեօթը առ հարիւրը բաղկացած է երիտասարդ տարրէն, որուն շուրջ չորս առ հարիւրը ուսանողներ են:
Դասախօսը յայտնեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը կը շահարկուի Հայաստանի մէջ, ուր երիտասարդները կը դառնան քաղաքական գործիչներու գործիքները` ծառայելով անոնց շահերուն: Լիլիթ Գալստեան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը արժէքներ բերողն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մշակութային խաղի կանոնները կշռողը:
Ան ըսաւ, որ արժէքներու յեղափոխութիւն պէտք է, եւ այս հոլովոյթը կրնայ իրականացնել միայն երիտասարդութիւնը, որուն ծիլերը գոյութիւն ունին այսօր Հայաստանի մէջ: Ան հաստատեց, որ ժամանակակից արժէքներով օժտուած երիտասարդութիւն գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ այս հաւաքականութիւնը շատ փոքր տոկոս կը ներկայացնէ:
Լիլիթ Գալստեան նաեւ խօսեցաւ երիտասարդ գրողներուն մասին: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «տասնութ-երեսուներեք» գիրքը, որուն մէջ գրած են 14 երիտասարդ գրողներ: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի գործակցութեամբ սկսած է լոյս տեսնել «Գրանիշ» գրական երիտասարդական թերթը, որ գրական զօրաշարժ ստեղծելու ձգտումը ունի:
Գալստեան հաստատեց, որ սփիւռքը ունի կարեւոր դերակատարութիւն Հայաստանը որակական նոր աստիճանի բարձրացնելու խնդիրին մէջ:
Դասախօսութենէն ետք Լիլիթ Գալստեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: