Կազմակերպութեամբ «Բագին»ի խմբագրութեան, Չորեքշաբթի, 18 մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով գրական հանդիպում՝ լիբանանահայ մտաւորականներու ներկայութեամբ: Օրուան զեկուցաբերն էր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան:
Դասախօսը նախ ներկայացուց «Եղիշէ Չարենց-Նիկողայոս Սարաֆեան՝ ուրուագիծ մը գրական դիմանկարներու խորքէն» նիւթը եւ ապա «Յովհաննէս Թումանեանի հրապարակագրական եւ գրաքննադատական ժառանգութիւնը» նիւթը:
Հայաստանի «Աճարեան» համալսարանի դասախօս Արթուր Անդրանիկեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան՝ քաջալեր հանդիսանալով դասական ուղղագրութեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ նուազագոյնը արեւմտահայ հեղինակներու գործերը պէտք է հրատարակուին առանց ուղղագրական խեղաթիւրումներու:
Ան ըսաւ, թէ Չարենցն ու Սարաֆեանը, հակառակ անոր որ ունեցած են տարբեր իմացական ու զգացական գոյավիճակներ, սակայն երկուքն ալ ունեցած են պատրանքներ եւ ազգային միեւնոյն մտածողութիւնը:
Անդրանիկեան նշեց, որ Սարաֆեան սփիւռքեան իրականութենէն անդին կþապրի եւ կþուզէ ունենալ հոգեւոր ինքնապաշտպանութեան իրավիճակ մը, որ ինքնապահպանման կը ծառայէ:
Արթուր Անդրանիկեան հաստատեց, թէ զոյգ բանաստեղծները հոգեկան կեցուածքի հոգեբանական դրսեւորումներ հանդէս կը բերեն եւ ճշմարտութիւններ կը պատգամեն: Զուգահեռ բնորոշումներ կատարելով դասախօսը ըսաւ, թէ տարբեր փորձառութիւններէ մեկնած՝ Չարենցն ու Սարաֆեանը ունին միեւնոյն հաղորդական ոգին:
Իսկ Յովհաննէս Թումանեանի արժէքը ներկայացնելով՝ Անդրանիկեան շեշտեց, թէ ան միշտ խորքային եղած է եւ ունեցած է պատմական հնչեղութիւն: Արթուր Անդրանիկեան շեշտեց, որ Թումանեան յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի՝ յայտնաբերելու համար անոր ամբողջական արժէքը:
Ան նաեւ նշեց, որ Թումանեան հոգիի ազատագրման անհրաժեշտութեան ու ազգի յիշողութեան գիտակցութեան պայքար է, որ կը մղէ:
Իր խօսքի աւարտին Արթուր Անդրանիկեան հաստատեց, թէ Թումանեան ազգային խնդիրներու խոր գիտակցութեամբ եւ վերապրումով կþանդրադառնայ հասարակական- գաղափարական խնդիրներուն:
Զեկուցումի աւարտին ներկաները շարք մը հարցումներով ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ: