Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի Անուան պետական թատրոնը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ «Հայ մուկը» տիկնիկային ներկայացումով` բեմադրութեամբ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան Լիոնիտ Յարութիւնեանի: Ներկայացման տեւողութիւնը 45 վայրկեան էր եւ պատրաստուած էր վեց տարեկան եւ վեր պատանիներու համար: Սոյն ներկայացման պատգամը այն էր, որ չափը կամ փոքր ըլլալը բան չեն նշանակեր: Եթէ անձ մը կ՛ուզէ պայքարիլ, ապրիլ եւ իր մէջ գոյութիւն ունի ապրելու ուժը` չափը նշանակութիւն չունի, կարեւորը ներքին կամքի ուժն է:
Պէտք է նշել, որ աննախընթաց ներկայացում մըն էր, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանի մէջ դադրած էին նման տիկնիկային ելոյթներ: Երեւոյթ մը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ ներկայ գտնուող մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ, որոնք ուշագրաւ կը հետեւէին տիկնիկային կատարումներուն: