Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտ 1-էն 15 տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 2013 Սեմինար Շրջապտոյտը, մասնակցութեամբ արտասահմանի տարբեր գաղութներէ ժամանած ՀՕՄուհիներու:
Շրջապտոյտի ընթացքին անոնք մասնակցեցան երկօրեայ սեմինարի մը , որ տեղի ունեցաւ Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս, ինչպէս նաեւ այցելեցին Սիտնիի տեսարժան ու պատմական վայրերը: Հինգշաբթի Մարտ 7-ին այցելու խումբը ընկերակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Վիգի Մարաշլեանին, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչական ՀՕՄուհիներուն այցելեցին նաեւ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան, մօտէն ծանօթանալու ճեմարանին, աշակերտներուն եւ անկէ ներս կատարուած աշխատանքներուն:
Ճեմարանի պաշտօնէութիւնը ջերմօրէն ողջունեց այցելու ՀՕՄ-ուհիները, որոնք Տնօրէն Ն. Պասմաճեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Նալպանտեան սրահ, ուր ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին զիրենք: Ճեմարանի կրթական վերակացու Գարօլին Պլանտըն նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ իսկապէս այս օրը յատուկ օր մըն էր բոլորին համար: Ապա ան հրաւիրեց ճեմարանի աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն գեղարուեստական յայտագիր մը:
Աշակերտական ելոյթին յաջորդեց տնօրէն Նշան Պասմաճեանի խօսքը, որ կրկին անգամ բարի գալուստ մաղթեց հիւր ՀՕՄ-ուհիներուն եւ յայտնեց ճեմարանի կազմին երախտագիտութիւնը հանդէպ ՀՕՄ-ին, անոր Ճեմարանին թիկունք կանգնելուն եւ զօրակցութեան համար: Ապա ան աշակերտութեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը եւ հրաւիրեց զինք, որ իր պատգամը փոխանցէ:
Տիկին Մարաշլեան մեծապէս գնահատեց ներկայացուած բացառիկ ելոյթը եւ դրուատեց աշակերտներն ու ուսուցիչները տարուած բարձրորակ աշխատանքին համար: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան եւ անոր կառոյցներուն, կազմակերպչական աշխատելաձեւին եւ գործընթացին շուրջ: Ան բացատրութիւն տուաւ ՀՕՄ-ի գործադրած բարեսիրական եւ մարդասիրական ծրագիրներուն մասին եւ քաջալերեց աշակերտները, որ միշտ զօրակցին եւ օժանդակեն անոր առաքելութեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նաեւ թեյասեղանի հիւրասիրութիւն ծնողաց յանձնախումբի պատրաստութեամբ, որմէ ետք հիւրերը այցելեցին ճեմարանի դասարաններն ու աշխատասենեակները:
Անմոռանալի այս օրը իր աւարտին հասնելով, հիւրերը հրաժեշտ տուին աշակերտներուն, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ կրթական այս հայաբոյր հաստատութեան:
Ստորեւ ՝ Վիգի Մարաշլեանի տպաւորութիւնները արձանագրուած ճեմարանի այցելուներու յուշամատեանին մէջ:
« Այսօր մեզի համար մեծ հպարտութիւն է ներկայ գտնուիլ եւ վայելել աշակերտութեան կողմէ ներկայացուած թատերգութիւնը, երգերը եւ արտասանութիւնները: Հայութիւն կը ծորէր ամէն բառի հետ: Աշխարհի չորս կողմերէն այսօր ներկայ եղան մեզի հետ միանալու Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանայինի կազմակերպած սեմինարին: Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւն դպրոցի աշխատանքներուն եւ փայլուն ապագայ»:
Նորա Սեւակեան