Օգտուելով Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի (Գանատա), Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի (Գանատա) եւ Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու Լիբանան այցելութենէն, Հինգշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2010¬ին, Պրումանայի Պըրժ Ըլ Համամ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները զրուցեցին Համազգայինի այժմու իրավիճակի եւ ապագայ ծրագիրներու մասին: