Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան, Լիբանանի դրամատուներու միութեան եւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Ժոզեֆ Թարապայի, Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2013-ին տեղի ունեցաւ լիբանանցի վեց գեղանկարիչներ Շարլ Խուրիի, Սլէյման Տիայի, Մոհամետ Ապտալլայի, Մոնա Էզզէտտինի, Մանսուր Հապրի եւ Լամիս Ռամմալի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, միութիւններու եւ դրամատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ ներկայացուց արուեստագէտները, անոնց անցած արուեստի ուղին, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր դոկտ. Ժոզեֆ Թարապային եւ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան, որ միշտ ալ կը սատարէ Լիբանանի մշակութային կեանքի վերելքին եւ կը զօրակցի Համազգայինի մշակութային նախաձեռնութիւններուն:
Այնուհետեւ արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց Շարլ Խուրի` անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ իր արուեստի առաջին քայլերը նետած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային մէջ եւ միշտ կը մնայ երախտապարտ Համազգայինին: Ան այս առիթով մեծապէս դրուատեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց օրուան հովանաւորը:
Իր սրտի խօսքին մէջ Ժոզեֆ Թարապայ անդրադարձաւ գեղանկարչութեան կարեւորութեան` միաժամանակ յայտնելով, որ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան եւ անձամբ իր յարաբերութիւնները հայ համայնքին հետ բաւական խոր արմատներ ունին: Ան դրուատեց հայ համայնքի դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ` մատնանշելով, որ հայ համայնքը Լիբանանի մէջ իւրայատուկ համայնք մը չէ, այլ հիմնական համայնք մը, որ ունի իր յստակ դերակատարութիւնը եւ ներդրումը: Վերջաւորութեան ան յաջողութիւն մաղթեց արուետագէտներուն եւ ցուցասրահին` գնահատելով իրեն ներկայացուած հովանաւորութեան առաջարկը:
Յայտնենք, որ կը ցուցադրուին 28 արուեստի գործեր եւ ցուցահանդէսը կը տեւէ մինչեւ 5 Մարտ: