Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Համազգայինի բոլոր անդամներուն, Սիտնիի Ս. Յարութիւն Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 17 Մարտին:
Տրուած ըլլալով որ այս տարին՝ 2013-ը, կը զուգադիպէր Համազգայինի հիմնադրման 85 ամեակին եւ Աւստրալիոյ մէջ Համազգայինի հիմնադրման 50 ամեակին, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ սոյն հոգեհանգիստի արարողութեամբ բացումը կատարելու այս զոյգ ամեակները արժեւորելու կոչուած ձեռնարկներու շարքին:
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահը, ուր հոգեսուրճ մատուցուեցաւ:
Արժանապատիւ Տէր Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի օրհնութենէն ետք, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սեդա Յովակիմեան բացատրեց հոգեհանգիստին նպատակն ու այս տարուան ձեռնարկներու բնոյթը եւ հրաւիրեց ընկ. Ասատուր Շուկայեանը, որ օրուան պատգամը փոխանցէ ներկաներուն:
Ընկերը նախ անդրադարձաւ մեր հիմնադիր սերունդին, յայտնելով թէ մնայուն ներկայութիւն են մեր հոգիներուն մէջ ու ներշնչում կուտան մեր աշխատանքներուն: Ան հիմնադիր սերունդը որակեց Հայաստանի հանրապետութիւնը կերտած հիանալի փաղանգ մը, որ մեծ փորձառութիւն ունեցող եւ տեսիլք ունեցող սերունդ մըն էր: Անոնք եղած էին Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ ու նախարար, եղած էին խորհրդարանի անդամ կամ Հայաստանը ներկայացնող պատուիրակութեան անդամ եւ ակամայ Հայաստանէն դուրս գալով, շատ լաւ կը գիտակցէին թէ սփիւռքի մէջ երկար գոյութիւն ապահովելու համար չափազանց կարեւոր էր Համազգայինի նման միութեան մը գոյութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար հայապահպանութեան գործը շարունակել յաջողութեամբ: Ընկերը մեր ներկայ գոյութիւնը որպէս կազմակերպուած հաւաքականութիւն, վերագրեց այս սերունդի մտայղացումին ու աշխատանքին:
Իր խօսքի երկրորդ բաժնով, ընկերը անդրադարձաւ Աւստրալիոյ մէջ աշխատանք տարած եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերներու յիշատակին, որոնք այս ցամաքամասին վրայ ոտք դրած օրէն, երբեմն նոյնիսկ իրենց անձնական կեանքը չկազմակերպած, կազմակերպեցին Համազգայինը 1963 թուականին ու անմիջապէս աշխատանքի անցնելով ստեղծեցին Համազգայինի կառոյցները, ինչպէս՝ երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, միօրեայ ու ամէնօրեայ վարժարաններ ու արուեստի այլ խմբակներ, որոնք կարեւոր էին հայապահպանութեան համար:
Ընկերը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, «Եթէ մեր հիմնադիր սերունդը կարելի է կոչել հերոսներ, որովհետեւ մեծ գործ կատարեցին մեր ժողովուրդը հայ պահելու տեսակէտէն, ես Աւստրալիոյ մեր ընկերները կ՛ուզեմ կոչել խոնարհ հերոսներ, որոնք հիմնադիրներու տեսիլքն ու մտայղացումը կրցան գործի վերածել: Հետեւաբար յարգանք մեր հերոս ու խոնարհ հերոս ընկերներու յիշատակին»:
Ընկերոջ խօսքէն ետք Տէր Հօր պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեսուրճի հաւաքը, որմէ ետք ներկաները վերանորոգելով իրենց ուխտը ու հայապահպանութեան գործը շարունակելու վճռակամութեամբ հեռացան սրահէն:
Համազգային Աւստրալիոյ
Շրջանային Վարչութիւն