Կեդրոնական Վարչութիւն
7-8 Հոկտեմբեր 2016-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ: