Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական հանդիպումներու շարքին երկրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն ընթացքին «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանի դասախօս Հրաչ Թոքաթլեան ներկայացուց արուեստագէտ, փորձագէտ, ֆրանսացի հեղինակ Կի Տըպորի տեսակէտը թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի մասին:
Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա վարչութեան ծրագրած հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդն է, որ տեղի պիտի ունենայ, որուն ընթացքին Հրաչ Թոքաթլեան պիտի ներկայացնէ Կի Տըպորը: Ապա ան հրաւիրեց դասախօսը ներկայացնելու իր նիւթը: