Ցեղասպանութենէն փրկուած երկու որբացած հայերու՝ Արամի եւ Սեդայի ոդիսականին եւ Ամերիկայի Միլուոքիի մէջ նոր կեանք ստեղծելու անոնց փորձին նուիրուած թատերախաղը ներկայացուեցաւ յոյն հանդիսատեսներուն առջեւ, Փեթրուփոլիի տարեկան «Թէաթրօ Փեթրաս» փառատօնի ծիրէն ներս։
Բոլորովին նոր փորձառութիւն մըն էր Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբին համար, Կիրակի՝ 17 Յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 9։30ին, «Թէաթրօ Փեթրաս»ի բացօթեայ թատրոնէն ներս «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղին ներկայացումը, որ հայ թատրոնը Աթէնքի բեմերէն դուրս բերաւ, արեւմտեան Ատիկէի Փեթրուփոլիի բազմամարդ այս քաղաքապետութեան հովանիին տակ դնելով։
Նոր փորձառութիւն, բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ, այնպէս ինչպէս պարտադրեցին բացօթեայ թատրոնին օգտագործումը եւ հոն ընձեռուած կարելիութիւնները։ Լուսաւորութեան, երաժշտութեան, դերասաններու խաղարկութեան մէջ ճարտարօրէն մտցուած նորաձեւութեամբ, բեմադրիչ Ալեքսիս Սարիեան եւ չորս դերակատարներն ու թատերախումբի օգնական ուժերը՝ յաջողեցան շատ կարճ ժամանակի մէջ նախապատրաստել ներկայացումը եւ պատշաճեցնել խաղարկութիւնը, նոր շունչ տալով՝ լուսնին վրայ նստած հրէշի պատմութեան մէջ։ Առաւել՝ հայ մշակոյթի ներկայացման համար նոր դուռեր բանալով ու ապագայի նոր գործակցութիւններ մէջտեղ բերելով։